موقع جبيل الاقوى: استقبل عضو اللجنة العالمية مسؤول الشرق الأوسط في حزب الطاشناق ورئيس كتلة نوّاب الأرمن النائب هاغوب بقرادونيان، عضو مجلس الشيوخ الفرنسي ستيفان رافييه، الموجود في لبنان في مهمة خاصة للاطلاع على أوضاع المسيحيين في لبنان.دار النقاش حول الأوضاع العامة في البلاد، ومخاوف المسيحيين في هذا الشأن، وكان وضع المجتمع الأرمني، مع بنيته وصعوباته، موضع اهتمام خاص.للسيناتور رافييه علاقات وطيدة بالجالية الأرمنية في فرنسا لاسيما في مرسيليا، كما قام بزيارة غوريس في أرمينيا خلال الهجوم الأذربيجاني.كذلك، تم التطرّق إلى الوضع الإقليمي ومواقف فرنسا بشأن هذا الملف، مع التشديد على الدورين التركي والإسرائيلي في المنطقة.وتم التطرق أيضًا إلى قضايا المعتقلين المحتجزين كرهائن بشكل غير قانوني في باكو وعودة شعب آرتساخ إلى وطنه.

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսացի Ծերակուտական Սթեֆան Ռավիէն

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, Պուշ Տիւ Ռոնի ներկայացուցիչ Սթեֆան Ռավիէն, որ Լիբանանի քրիստոնեաներու իրավիճակին ծանօթանալու յատուկ առաքելութեամբ կը գտնուի Լիբանան:
Քննարկումի նիւթ դարձան երկրի ընդհանուր կացութիւնը, եւ այս իմաստով քրիստոնեաներու մտահոգութիւնները: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ եղաւ հայ համայնքի պարագան` իր կառոյցներով եւ դժուարութիւններով:
Ծերակուտական Ռավիէ մօտէն ծանօթ է Ֆրանսայի հայութեան եւ սերտ կապեր ունի Մարսէյի հայ գաղութին հետ: Ան այցելած է նաեւ Գորիս ազրպէյճանական յարձակումի օրերուն:
Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Բագրատունի ֆրանսացի ծերակուտականին հետ արծարծեց շրջանային կացութիւնը եւ այդ գծով Ֆրանսայի դիրքորոշումները: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ թրքական եւ իսրայէլեան դերակատարութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Պաքուի մէջ ապրօրինի կերպով պատանդ բռնուած արգելափակեալներու եւ Արցախի ժողովուրդին իր բնօրրանը վերադառնալու խնդիրներուն:

للحصول على اخر اخبار لبنان والعالم عبر موقع Jbail al akwa news تواصلوا معنا على الرابط التالي:

Leave a comment